2013-09-18 09:48:38

Դամասկոս. Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը` Հրասանդի Հրթիռի Թիրախ


Երեքշաբթի 17 Սեպտեմբերին երեկոյեան Սուրիոյ մայրաքաղաքի Պապ Թումա, Քասա, Ամարա եւ Ապպասիին թաղամասերը կրկին դարձան հրասանդի հրթիռներու թիրախ:
Պապ Թումա թաղամասին մէջ գտնուող Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը նոյնպէս ենթարկուեցաւ հրասանդի հրթիռի հարուածի, որ նիւթական ծանր վնասներ պատճառեց 3-րդ յարկին ու յարակից «Լոյս» եւ «Փարոս» վարժարաններուն: Մարդկային վնաս չկայ







All the contents on this site are copyrighted ©.